Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան շէնքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Անոնք քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան շեշտեց, որ բոլորին համար միանշանակ է, որ մենք միայն պետականութեան առկայութեամբ է, որ կրնանք երաշխաւորել մեր ժողովուրդի զարգացումը: «Վստահաբար, Արցախը այսօր մեր համազգային օրակարգի ամէնէն կարեւոր խնդիրն է, եւ ես ուրախ եմ, որ մենք ինչպէս նախապէս, այսօր ալ, ապագային ալ պիտի մէկտեղենք մեր ջանքերը շրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան երաշխաւորի մեր դերակատարումը իրականացնելու, Արցախի եւ Հայաստանի բնականոն եւ թռիչքաձեւ զարգացումը ապահովելու համար»:
Արցախի նախագահը վստահեցուց, որ հայկական աշխարհին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ապագան ո՛չ միայն երաշխաւորուած է, այլ նաեւ պիտի ունենայ զարգացման այնպիսի աշխուժ թափ, որ պիտի դառնայ բոլոր հայերուն երազանքի երկիրը:
Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նաեւ հաստատեց, որ կողմերուն միջեւ իւրաքանչիւր հանդիպում իր արդիւնքը կու տայ, իր պտուղը կու տայ հետագայ մեր գործունէութեան առումով:
Նախագահ Յարութիւնեան Հանդիպում Կ՛ունենայ
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի Հետ
Արցախի նախագահը աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:
Յարութիւնեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պաշտպանութեան բանակի եւ զինուած ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան բարձր մակարդակէն` ընդգծելով, որ պաշտպանունակութեան եւ արտաքին անվտանգային խնդիրները կը գտնուին ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իշխանութիւններու ուշադրութեան կիզակէտին: Արցախի նախագահին համաձայն, հայոց բանակը շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առումով մեծ դերակատարութիւն ունի, եւ այս պարունակին մէջ շարունակական ու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ պէտք է անընդհատ ընդլայնուին ռազմական կարողութիւնները:
Նախարար Տօնոյեան վստահեցուց, որ համադրուած ու համակարգուած աշխատանքներու միջոցով պիտի շարունակեն ամրապնդել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային համակարգը: