31 օգոստոս 2020-ին, Պերլինի մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակումէն ի վեր Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը առանցքային կարեւորութիւն ստացած է ներքին թէ արտաքին շրջանակներու մօտ, յատկապէս մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ թափուր վարչամեքենայի ձգձգումը կրնայ պարարտ հող ստեղծել նոյնինքն Լիբանանի ընդհանուր վարչաձեւի բնոյթին վերանայման: Փաստօրէն, այս հաւանականութիւնը մէկէ աւելի առիթներով շեշտուեցաւ լիբանանեան թէ միջազգային ղեկավարներու կողմէ: Առաջին հերթին ազդանշանը եկած էր Ֆրանսայէն, երբ Լիբանանի «Հոգատար մօր» ղեկավարներ զգուշացուցած էին, թէ Լիբանան կը գահավիժի դէպի անդունդ: Նախագահ Մաքրոն փութացած էր Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին փրկելու Լիբանանը անոր սպառնացող ներքին թէ արտաքին վտանգներէն: Նմանապէս Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական այլ կազմակերպութեանց ղեկավարներ իրենց մտավախութիւնները արտայայտեցին` իւրաքանչիւրը զօրակցութեան եւ օժանդակութեան ի՛ր ոճը առաջարկելով: Նոյն ծիրին մէջ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան իր պատրաստակամութիւնը` միաժամանակ կոչ ուղղելով լիբանանեան կողմերուն` անյապաղ փութացնելու Լիբանանի ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը:
Նմանապէս կառավարութեան կազմութեան ուշացումը դուռը լայն բացաւ լիբանանեան կողմերու միջեւ փոխադարձ քննադատութիւններու, որոնց ընթացքին իւրաքանչիւրը փորձեց արդարացնել Լիբանանի փրկութեան ի՛ր վարկածը: Հոգեւոր պետեր եւս անմասն չմնացին եւ իրենց կիրակնօրեայ պատգամին մէջ առանցքային կարեւորութեամբ շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայականը: Այս իմաստով մարոնիներու Ռայի պատրիարք հարց տուաւ, թէ ի՞նչ հանգամանքով համայնք մը կը պահանջէ ու կը պնդէ ունենալ որոշ նախարարութիւն մը` կարծէք ատիկա իր սեփականութիւնը ըլլայ: Նմանապէս Յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ առաջնորդ քննադատեց իշխանութեան ղեկավարները` նշելով, թէ, երբ իշխանաւորներ կը վիճին իրենց համայնքային բաժնեկցութեան շուրջ, անդին երկիրը դէպի գահավիժում կ՛ընթանայ:
Այս իմաստով եւս, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ հարց տուաւ, թէ բաժնեկցութեան հաշուարկներէն ու իրաւասութեանց հակամարտութենէն հեռու` կառավարութեան մը կազմութեան ձախողութեան դիմաց անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ մենք կը գտնուինք իշխանութեա՞ն, թէ՞ վարչաձեւի տագնապի դիմաց: «Երկու պարագաներուն ալ, կարելի չէ շարունակել այս մահասփիւռ իրավիճակին մէջ», ընդգծեց Ազգային ազատ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան «Թուիթըր»-ի վրայ երէկ կատարած իր գրառումով:
Վարչաձեւի փոփոխութեան մտավախութեան զօրաշարժի մատնած էր նաեւ լիբանանեան կարգ մը կողմեր, որոնք արդէն իսկ պատրաստած են նախատեսուող «Նոր Լիբանան»-ի մը տեսլականը` «Վարչական եւ ելեւմտական ընդլայնուած ապակեդրոնացում», «Քաղաքային Լիբանան» եւ այլ պիտակներու տակ: Այս բոլորին զուգահեռ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իրաւարարի, աւելի քան փրկարարի նախաձեռնութեամբ իր կարգին լծուեցաւ քուլիսային աշխուժ ճիգերու` առնչակից կողմերուն հետ: Հոսկէ` վերջերս նշանակեալ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի ներկայացուցած դահլիճի կազմի անուանացանկի «սեւագրութեան» գծով նախագահ Աունի առաջադրած յաւելեալ ժամանակի կոչը` ապահովելու համար վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի կազմելիք կառավարութեան վաւերացումը լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ, ուր 61 քուէներ անհրաժեշտ են անոր մեկնարկին համար:
Միաժամանակ նախագահ Աուն մնայուն կապի մէջ է ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ` հեռաձայնային թէ այս վերջինի ներկայացուցիչին ճամբով: Այս ծիրին մէջ յառաջիկայ օրերը, եթէ ոչ ժամերը, խիստ կարեւոր կը թուին կառավարութեան կազմութեան «սպիտակ ծուխ»-ի բարձրացման իմաստով: