Պայէրն Միւնիխ-Շալքէ բացման մրցումով, այսօր՝ ուրբաթ, ազդանշանը կը տրուի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 2020-2021 տարեշրջանին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ալիանց-Արենա» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի՝ ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Պորուսիա Տորթմունտ, իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը՝ շաբաթ, երբ «Սիկնըլ Իտունա Փարք» մարզադաշտին վրայ, ժամը՝ 19:30-ին, կը հիւրընկալէ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին: