Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգի «WBO»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան՝ Արթուր Աբրահամ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խօսեցաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին հաւանական աւարտին մասին:
Ան ուղիղ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանեց իր համակիրներուն հարցերուն, խորհուրդներ տուաւ երիտասարդ եւ սկսնակ կռփամարտիկներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով աշխարհի տարածքին տիրող իրավիճակին մասին:
Հարցումի մը պատասխանելով, ան ըսաւ, որ չի գիտեր թէ յետ այսու որեւէ մենամարտ պիտի ունենա՞յ, կամ՝ ոչ:
«Այնպէս կը թուի, թէ յետ այսու զիս պիտի չտեսնէք ռինկ-երուն վրայ», ըսաւ 40 տարեկան Աբրահամ:
Գերմանիոյ մէջ բնակող հայ կռփամարտիկը, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ցարդ կատարած 53 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած է 47 յաղթանակ եւ կրած՝ 6 պարտութիւն մը: