«Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ հարիւրաւոր սուրիացիներ երէկ Համայի գիւղական շրջաններէն Մուրքի մէջ թրքական հսկողութեան կէտին առջեւ ցոյց կատարած են` բողոքելով թրքական ներկայութեան դէմ:
Ցուցարարները Սուրիայէն թրքական ուժերու հեռացումը պահանջած են: Թրքական բանակը արցունքաբեր կազ օգտագործած է` ցրուելու համար ցուցարարները, ինչ որ շնչառութեան դժուարութեան եւ ուշաթափութեան դէպքերու պատճառ դարձած է:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Իտլիպ նահանգին մէջ իր հսկողութեան 7-րդ կէտը յարձակումի ենթարկուած է:
Ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, հսկողութեան կէտին վրայ յարձակումը «սուրիական վարչակարգին կողմէ ղեկավարուած է»:
«Քաղաքային երեւոյթով եւ սուրիական վարչակարգին կողմէ ղեկավարուած խումբեր մօտեցան Իտլիպ նահանգին մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի 3-րդ, 4-րդ, 5-րդ, 6-րդ, 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ հսկողութեան կէտերուն եւ յարձակում գործեցին 7-րդ հսկողութեան կէտին վրայ», նշուած է նախարարութեան հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Որդեգրուած քայլերէն ետք նշեալ խումբերը ցրուեցան», աւելցուց նախարարութիւնը: