ԸՍՏ ԱԼԻԵՒԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՏԱԳՆԱՊ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ
By adminx - Wed Jan 18, 8:57 am
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երկրի նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ «անցեալ տարի Ազրպէյճան մեծ յաջողութիւններու հասած է նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ: Մեր երկիրը ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, եւ այդպիսով` Ազրպէյճան նուաճեց միջազգային ընտանիքի հաւատքն ու վստահութիւնը»:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին` Ալիեւ ըսած է, որ իբր թէ Հայաստանի ոչ կառուցողական դիրքորոշման պատճառով 2011-ին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած:
«Ազրպէյճան իր զինուորական ներուժը կը մեծցնէ: Եթէ 2010-ին զինուորական ծախսերը 3 միլիառ 413 միլիոն տոլար էին, ապա 2011-ին` 3 միլիառ 474 միլիոն տոլար էին: Մեր բանակը այսօր շատ բան կրնայ ընել, մենք շրջանին մէջ ամէնէն ուժեղ բանակը ունինք», յայտարարած է Ալիեւ:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով վերջերս անհանգստութիւն յայտնած էր, որ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստան 71 հազար զինուոր ունի, իսկ 8.6 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ազրպէյճանը` 63 հազար զինուոր:






