Friday May 24, 2013

«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԿՐՑԱՒ ԱԶԴԵԼ ԹՐՔԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՊԻՆԱ ՖՐԷՅԶԸՐ

By adminx - Wed Jan 18, 8:35 am

Սապինա Ֆրէյզըր

Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրներու տնօրէն Սապինա Ֆրէյզըր` «պս.Քաւքազ» կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու փակուղիի հասնելուն մասին հարցումի մը յայտնած է, որ Պաքուի մէջ համոզուած են, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած է ղարաբաղեան տագնապին պատճառով եւ զայն պիտի չբանայ, այնքան ատեն որ Հայաստան իր զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղէն չէ հեռացուցած:

«Արձանագրութիւնները իրապէս շատ ընդդիմադիրներ ունին ինչպէս հայ եւ թուրք ընդդիմութեան մէջ, նոյնպէս ալ հասարակական կառոյցներու շրջանակին մէջ: Բայց յաւելեալ կարեւոր խոչընդոտ մըն ալ կայ` Ազրպէյճանը: Պաքուի մէջ համոզուած են, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած է ղարաբաղեան տագնապին պատճառով եւ զայն պիտի չբանայ այնքան ատեն որ Հայաստան իր զօրքերը Ղարաբաղէն չէ հեռացուցած: Հայաստանի հետ բանակցութիւններու սկսելով` Թուրքիա կը կարծէր, որ կրնայ զանոնք վարել առանց Պաքուի կարծիքը հաշուի առնելու` ազրպէյճանական կողմէն նման բուռն արձագանգի չսպասելով: Բայց թուրքերը սխալած էին իրենց հաշիւներուն մէջ: Ազրպէյճան յաջողեցաւ ազդել թրքական իշխանութիւններուն, հասարակութեան եւ ազգայնական ուժերուն վրայ` հասնելով անոր, որ Անգարա Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ստիպուած է Պաքուի տեսակէտը հաշուի առնել», նշած է Ֆրէյզըր:

Ըստ Ֆրէյզըրի, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան հարցին միջեւ կապ գոյութիւն չունի, այդ երկու հոլովոյթները ոչ մէկ ձեւով իրարու հետ կ՛առնչուին: Թէեւ կարելի չէ պնդել, որ անոնք կապուած չեն: Որոշակի առումով անոնք փոխկապակցուած են, սակայն կարելի չէ յուսալ, որ Հայաստան-Թուրքիա հոլովոյթը պիտի լուծէ ղարաբաղեան հարցը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրի իր պատկերացումը ի՞նչ է, Ֆրէյզըր ըսած է. «Կը կարծեմ, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ լաւագոյն տարբերակը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկն է, այսինքն` Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակի եւ անվտանգութեան երաշխիքի տրամադրումը: Լեռնային Ղարաբաղը երկար տարիներ ապրած է արտաքին աշխարհէն մեկուսացած վիճակի մէջ, միակ կապող օղակը եղած է Հայաստանը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունի գործող կառավարութիւն, զարգացող տնտեսութիւն, այդ պատճառով միջանկեալ կարգավիճակը անոր արտաքին աշխարհի հետ շփման, ներդրումներ գրաւելու կարելիութիւն պիտի ընձեռէ»:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement