Sunday May 26, 2013

ԼԻԹԱՆԻԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՍԿԻԶԲԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԷՆ

By adminx - Wed Jan 18, 8:29 am

Լիթանիի ծրագիրին վերաբերող համաձայնագիրի ստորագրութեան պահուն

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ վարչապետարանին մէջ Լիթանիի ծրագիրին գործադրութեան սկիզբը յայտարարուեցաւ` անոր մշակումէն 60 տարի ետք:

Լիբանանեան պետութեան եւ ծրագիրի գործադրութեան հովանաւոր քուէյթեան կողմին միջեւ ծրագիրին գործադրութեան համաձայնագիրին ստորագրումէն ետք, վարչապետ Միքաթի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն եւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի բնակչութեան:

Վարչապետը հաստատեց, որ այդ ծրագիրին ամբողջական գործադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով եւ ազգային պատասխանատուութեան ու գիտակցութեան իր ոգին բարձր պահելով պիտի պահպանէ լիբանանեան անվտանգութիւնը:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ողջունեց Լիթանիի ծրագիրին գործադրութիւնը` նկատել տալով, որ 1954-ին 45 միլիոն լ. ոսկի տրամադրուած է` գործադրելու համար այս ծրագիրը, որուն գործադրութեան ջատագովը եղած է Համիտ Ֆրենժիէ:

«Այդ գումարը անհետացած է տարբեր նախարարութիւններու միջեւ, մինչեւ որ ես եւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Էլիաս Հըրաուի մեկնեցանք Քուէյթ եւ ապահովեցինք այս երազ ծրագիրը իրականացնելու գումարը», ըսաւ ան` մաղթելով, որ անոր գործադրութիւնը ամբողջանայ եւ կարելի ըլլայ անոր հիմնարկէքը կատարել:

Նշենք, որ յետմիջօրէին վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ փետրուարին Ֆրանսա կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆասսուհի մէջ փուլ եկած շէնքի զոհերուն ընտանիքներուն:

Պատասխանելով 2010-ին ջախջախուած եթովպիական օդանաւին մասին պատրաստուած տեղեկագիրին մասին հարցումի մը` Փիեթոն յայտնեց, որ յայտարարուած այդ արդիւնքը զինք չի զարմացներ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement