ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՋԱԽՋԱԽՈՒՄԻՆ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
By adminx - Wed Jan 18, 8:24 am
2010-ին Նաամէի հանդիպակաց ծովուն վերեւ «Պոյինկ 737» տիպի եթովպիական օդանաւի ջախջախումէն երկու տարի ետք, երէկ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ այդ դէպքին մասին բացուած հետաքննութեան վերջնական տեղեկագիրը:
Տեղեկագիրին համաձայն, եթովպիական օդանաւուն անձնակազմը ամբողջական կերպով պատասխանատու է այդ արկածին:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ անգամ մուտք գործած է հետաքննիչներու աշխատանքի գրասենեակը եւ հետաքննիչներէն ոչ ոքի ծանօթ է:
Միւս կողմէ, եթովպիական օդանաւային ընկերութեան պատասխանատու ներկայացուցիչը մերժեց տեղեկագիրը եւ զայն նկատեց կողմնակալ տեղեկագիր մը, որ հիմնուած է ենթադրութիւններու վրայ` անտեսելով շօշափելի փաստերը:
Նոյն ընկերութեան պատասխանատուին համաձայն, շատ հաւանական է, որ եթովպիական օդանաւը երկուքի բաժնուած ըլլայ` պայթումի մը կամ հրթիռ մը ստանալու, կամ ահաբեկչական գործողութեան մը ենթարկուելու կամ կայծակ մը ստանալու պատճառով:
Ան նկատել տուաւ, որ ջախջախուած եթովպիական օդանաւը նաեւ վնասներ կը կրէ իր արտաքին պատեանին վրայ:





