ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԻՐԱՆԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԻՐԵՆՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳԱԾ ԵՆ
By adminx - Wed Jan 18, 8:19 am
Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ որոշած են իրենց միացեալ ռազմափորձերը մինչեւ ամառ յետաձգել` խուսափելով Իրանի հետ բախումէն:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը գրէ, որ իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ կողմերը այդ քայլին դիմած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի` իրանեան հիւլէական կառոյցներուն հարուածներ հասցնելու տարակարծութիւններէն զերծ մնալու նպատակով:
Ըստ օրաթերթին ունեցած տուեալներուն, նախնական համաձայնութեամբ` «Օսթիր-Չելընճ-12» ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենային յառաջիկայ շաբաթներուն: Անոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը պէտք է Իսրայէլի տարածքով Իրանի կամ այլ հաւանական հակառակորդի կողմէ հրթիռային հարուածի դիմագրաւման ծրագիր մշակէին:
Լայնածաւալ ռազմափորձերուն պէտք էր մասնակցէին քանի մը հազար ամերիկացի զինուորներ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտնած է, որ նախքան Իրանի հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը, ծրագրուած էր ռազմափորձերը կատարել յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, սակայն յետաձգումի որոշումը տակաւին Ուաշինկթընի հետ կը քննարկուի:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ նաեւ յայտնած են, որ յետաձգումը կապուած չէ պիւտճէական միջոցներու սղութեան հետ, ինչպէս գրած էր իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը:





