Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը կը հաղորդէ, որ նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ այսօր կառավարութեան նոր կազմի թղթածրարը պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որ զայն պիտի ստորագրէ` սպասելով խորհրդարանի վստահութեան քուէին:
«Նաշրա»-ի աղբիւրները կը նշեն, որ ընտրանքները տակաւին բաց են` տրուած ըլլալով, որ շիիական քաղաքական զոյգ ուժերը կը մերժեն մաս կազմել որեւէ կառավարութեան, որ իրենց չի յանձներ ելեւմուտքի նախարարութիւնը: Նոյն աղբիւրները կը յայտնեն, որ տարբերակներէն մէկը Ազատագրում եւ բարգաւաճում եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքներու անդամներու քաշուիլն է խորհրդարանի վստահութեան քուէի նիստէն, որմէ ետք կը քաշուին նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Մարատայի ներկայացուցիչները եւ շիիական զոյգ ուժերուն դաշնակիցները:
Այսպիսով, երկիրը կը գտնուի «Ազգային ուխտ»-ի տագնապի մէջ, այն պարագային, երբ շիի եւ տիւրզի համայնքներու բաղադրիչները բացակային խորհրդարանի նիստէն: Սակայն, եթէ նոր կառավարութիւնը անհրաժեշտ խորհրդարանական վստահութեան քուէն չստանայ, ապա ատիկա պիտի ունենայ ընթացիկ աշխատանքներու կատարման դեր մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
Սակայն, նկատի առնելով շահագրգիռ կողմերու փոխադարձ լրջութիւնը` պայմանաւորուած Ֆրանսային խոստացուած երկու շաբթուան ժամկէտին մէջ կառավարութիւն կազմելու կէտով, տակաւին կարելի է լուծում գտնել այսօր կէսօրէ առաջ: