Օմանի Հետ Իսրայէլի Յարաբերութիւններու
Բնականոնացումը Պարզապէս Ժամանակի Հարց Է
Պահրէյնի թագաւորի խորհրդական ռաբբի Մարք Շթայնըր յայտնած է, թէ Պահրէյնի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւնը Արաբական ծոցի այլ երկիրներ եւս պիտի մղէ Իսրայէլի հետ մերձեցման ու խաղաղութեան հաստատման:
Իսրայէլեան «Մաքան» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ երեկոյեան հաղորդեց, թէ Շթայնըր յայտնած է, որ Օմանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բնականոնացումը պարզապէս ժամանակի հարց է:
Ան նշած է, որ Պահրէյնն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը փրկեն երկու ժողովուրդներու երկու պետութիւններ լուծումը եւ յանձնառու են պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցելուն, սակայն գիտակցած են, թէ շրջանային խաղաղութեան ուղին կ՛անցնի տնտեսական գործակցութենէն:
Պահրէյնի թագաւորի խորհրդական Մարք Շթայնըր յայտնած է նաեւ, որ մեկնելով պահրէյնցիները ճանչնալէն, կրնայ ըսել, թէ իսրայէլացի զբօսաշրջիկները պիտի կարենան Պահրէյն այցելել անմիջապէս, որ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան ստորագրումը պաշտօնապէս յայտարարուի:
Յիշեցնենք, որ Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրներու ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր, Սպիտակ տան մէջ: