Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ երէկ արշալոյսին Հալէպ քաղաքի մերձակայքը թիրախ դարձած է իսրայէլեան յարձակումի մը` աւելցնելով, որ հրթիռներ արձակուած են, սակայն սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերը անոնց մեծամասնութիւնը վնասազերծած են:
«Մայատին» կը նշէ, թէ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Հալէպի հարաւ արեւելքը գտնուող Սֆէյրա շրջանին մէջ վար առած են Իսրայէլի արձակած հրթիռները: