Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէէն պահանջեց Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան հետ կապուիլ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի լիբանանեան դեսպանատուն դիմել` հաւաքելու համար այն տեղեկութիւնները, որոնց հիման վրայ նախկին նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոսի դէմ պատժամիջոցներ հաստատուած են: