Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի կարգ մը յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են ելեւմտական հարցերու եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով արձանագրուած քանդումը վերանորոգելու եւ հնութիւն նկատուող կառոյցները պահպանելու:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ պատասխանեց լրագրողներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումի մը, որ կը վերաբերէր իր դէմ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան որդեգրած պատժամիջոցին: Ան ըսաւ, որ այդ մասին Ամալ շարժումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը բաւարար է:
Նշենք, որ Ամալ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները պիտի չկարենան փոփոխութեան ենթարկել իրենց համոզումներն ու ազգային սկզբունքները, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան պիտի չենթարկեն իրենց գերիշխանական իրաւունքները` ծովային եւ ցամաքային առումով:
«Մեր գերիշխանութենէն պիտի չզիջինք, ո՛չ ալ զայն սակարկութեան առարկայ պիտի դարձնենք` ի՛նչ ալ ըլլայ այդ պատժամիջոցներուն տարողութիւնը եւ ի՛նչ պետութեան կողմէ, որ հաստատուին անոնք: Իսկ իրականութիւնը բացայայտելու համար կրնանք յայտարարել, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւնը գոյացաւ 9 յուլիս 2020-ին, սակայն մինչ օրս Ուաշինկթըն կը մերժէ այդ համաձայնութիւնը յայտարարել` առանց բացատրութիւն ներկայացնելու», նշուեցաւ Ամալ շարժումի հաղորդագրութեան մէջ:
Ամալ շարժումի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ալի Հասան Խալիլը թիրախ դարձնելը որոշ ժամանակաշրջանի համար նախարարութիւն մը ղեկավարած անձը թիրախ չի դարձներ, այլ անիկա իրականութեան մէջ թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը, անոր գերիշխանութիւնն ու քաղաքական ուղեգիծը, Ամալ շարժումի քաղաքական ուղեգիծը, Լիբանանի եւ անոր միասնականութեան պաշտպանութեան ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի արաբականութեան եւ անոր սկզբունքներուն ու սահմաններուն պաշտպանութեան ուղեգիծը:
«Իսկ հիմա, երբ Լիբանան կը փորձէ կառավարութիւն մը կազմել, որպէսզի իր տագնապները լուծէ, Միացեալ Նահանգներ կ՛արձակեն նման հրահանգ մը: Հետեւաբար կը հաստատենք, որ դուք սխալած էք ձեր ընտրած հասցէին մէջ` ժամանակի եւ վայրի իմաստով: Բայց եւ այնպէս ձեր ուղղած պատգամը տեղ հասած է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: