Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ 2019-2020 տարեշրջանին ունեցած է աւելի քան կէս միլիառ եւրոյի վնաս մը, «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստիպողական ընդմիջման համար:
Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յետաձգուած մրցումներուն հետեւանքով, անիկա զրկուած է 575 միլիոն եւրոյէ, ուղղակիօրէն պատկերասփռուելիք մրցումներուն վաճառքի իրաւունքէն:
Նշենք, որ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքերը մարտ ամսուան ընթացքին դադրեցան եւ յետաձգուեցան: Մրցաշարքերը թէեւ վերսկսան ամրան ընթացքին, բայց անոնք տեղի ունեցան առանց հանդիսատեսներու: