ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ
Օրաթերթի խորագիր մը ինչպիսի յիշատակներ եւ ապրումներ կը յառաջացնէ երբեմն։ Պզտիկ դէպքի մը լրատուութիւնը, ոմանց համար՝ աննշան, բայց ուրիշներու համար ծով յուզումներու պատճառ կրնայ դառնալ։
«ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնից՝ Լիբանան» տպուած նախադասութիւնը, բայց մանաւանդ՝ ձեռագիր զգացական խօսքերը՝ իւրաքանչիւր արկղի վրայ, երկար պահ մը կþանջատեն զիս անմիջականէն, այսօրուան իրավիճակէն։
Տասնամեակներ շարունակ «Մէկ ազգ» կարգախօսը բարձրացուցած կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս կþապացուցէ, որ գործով տէր է իր խօսքին։
Կովկասէն կամաւոր՝ Սասունին, Լիբանանէն ուսուցիչ՝ Ամերիկային, Ֆրանսայէն կամաւոր՝ Արցախին… Ու շարքը կþերկարի, եւ երէկ ալ՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինէն՝ Լիբանանին։
Անկախ քանակէն ու թիւէն, հիմնականը՝ կարողութեան չափով, երբեմն անկէ ալ աւելի, անպայման «հասնիլ»-ու ճիգն է, զոր 130 տարիէ ի վեր հազարաւորներ կը դրսեւորեն։
«Մէկ ազգ», «Օգնի՛ր եղբօրդ» եւ նման կարգախօսներ քարոզչական դատարկ լոզունքներ չեն եղած եւ պիտի չըլլան մեզի համար, այլ իւրաքանչիւր մարտահրաւէրի եւ ճգնաժամի ատեն գործի վերածուող քար համոզումներ են անոնք։