Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, այսօր կը կատարէ իր երկրորդ ճակատումը, երբ կը մրցի Էսթոնիոյ դէմ:
Այս մրցումը կ’իյնայ Գ. դասակարգին Բ. խմբակին ծիրին մէջ:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու կազմերն ալ պիտի փորձեն արձանագրել մրցաշարքի իրենց առաջին յաղթանակը, նկատի ունենալով որ բացման մրցումին, անոնք երկուքն ալ պարտութիւն կրեցին:
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ կը կիրարկեն՝ 4-4-2 խաղաոճ մը:
Յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով, Հայաստանէն պիտի բացակայի իտալական Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան:
Անդրադառնալով անոր բացակայութեան, հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը, սպանացի Խոաքին Քափարոս ըսաւ, որ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի իր եւ ֆութպոլիստին միջեւ:
«Հետեւաբար, շրջան ընող անհիմն տեղեկութիւնները, երբեք իրականութեան չեն համապասխաներ, որովհետեւ ինք անձամբ խօսած է ֆութպոլիստին հետ եւ որեւէ տարաձայնութիւններ չկան իրենց երկուքին միջեւ», ըսաւ մարզիչը:
Կը սպասուի, որ այսօր Հայաստան արձանագրէ մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը: