Գասպարեան Չկրցաւ Յաղթել Սերենային
Ռուսիան ներկայացնող հայաստանցի թենիս խաղացող՝ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին, Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-4, 0-6, 4-6, 6-3 եւ 6-1 պարտութիւն մը կրելով աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինորէն (21-րդ), դուրս մնաց մրցաշարքէն:
24 տարեկան Խաչանով, որ այս մրցաշարքին դասուած է 11-րդ, Գ. հանգրուանին իր տոմսը ապահովեց, երբ իր մրցակիցին՝ Անտրէյ Քուզնեցովի (Ռուսիա) դէմ 6-3, 6-4 եւ 6-1արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց՝ 1 ժամ 51 վայրկեան:
Մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ, Ռուսիան ներկայացնող՝ Մարկարիթա Գասպարեան, որ Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, մրցեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ Սերենա Ուիլիամսի դէմ (դասուած՝8-րդ) եւ անկէ կրեց 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 1 ժամ 35 վայրկեան:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին, Գասպարեան 6-3, 6-7 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթած էր Մոնիքա Փուիկին (Փորթօ Ռիքօ):