Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ վաղը՝ երեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան-Էսթոնիա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Անգլիայէն:
Այս մրցումը,որ կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. դասակարգի Բ. խմբակին զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Կեդրոնի իրաւարարն է՝ Տէյվիտ Քութէ, իսկ անոր օգնականները՝ Լի Պէյթց եւ Քոնսթանթին Հացիտաքիս: