Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական փաթեթը, որով արտակարգ դրութիւնը այլեւս պիտի չերկարաձգուի եւ գործադիրին` երկրին մէջ առողջապահական մեկուսացումի դրութիւն սահմանելու կարելիութիւն պիտի տրուի: Նախագիծը ընդունուեցաւ 70 թեր եւ 19 դէմ ձայներով:
Քուէարկութենէն առաջ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտնեցին, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծերու փաթեթին:
Ըստ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, վարակիչ հիւանդութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներբեռնման, ներթափանցման, անոնց ծագման եւ տարածման վտանգի, բռնկումներու, համաճարակի յառաջացման, ինչպէս նաեւ անոնց իբրեւ հետեւանք արտակարգ իրավիճակ յառաջանալու պարագաներուն կրնայ սահմանուիլ մեկուսացումի դրութիւն: Մեկուսացումի դրութիւնը կարելի է սահմանել առողջապահութեան բնագաւառին մէջ պետական կառավարման լիազօր մարմինին առաջարկով, մարզպետի կամ Երեւանի քաղաքապետին կողմէ եւ կառավարութեան կողմէ տարբեր տարածքներու մէջ: Համաճարակի գօտի մուտքի եւ ելքի յատուկ դրութեան սահմանում, պետական սահմանով հաղորդակցութեան ժամանակաւոր դադրեցում կամ սահմանափակում, անձերու ազատ տեղաշարժի իրաւունքի կամ երթեւեկի միջոցի տեղաշարժի սահմանափակումներ, ինքնամեկուսացում-մեկուսացում:
Երբ մեկուսացումի դրութիւն սահմանուի կառավարութեան կողմէ, կարելի պիտի ըլլայ նաեւ աւելի խիստ միջոցառումներու եւ սահմանափակումներու դիմել: