Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփին Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտի 75-ամեակին վերաբերեալ շնորհաւորական հեռագիր յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Ան մասնաւորաբար նշած է, թէ Չինաստան Ռուսիոյ հետ պիտի պաշտպանէ պատերազմի արդիւնքները: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով չինական «Սինխուա» լրատու գործակալութեան:
Չին առաջնորդը պատրաստակամութիւն յայտնած է «ռուս գործընկերոջ հետ աշխատելու Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի վճռական պաշտպանութեան եւ միջազգային արդարութեան համար ջանքերը միաւորելու ուղղութեամբ»: