Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Հանիէ յայտնեց, որ զօրակցութիւն կը յայտնեն Լիբանանին, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: «Կը հաստատենք, որ Լիբանանի վկայած ցաւին ու կսկիծին արձագանգը հնչած է Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն ականջներուն մէջ», ըսաւ ան:
Հանիէ նշեց նաեւ, որ իրենք շնորհաւորած են Պըրրին` Լիբանանի նորանշանակ վարչապետին համար եւ յաջողութիւն մաղթած կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն:
«Լիբանանին կը մաղթենք յաւելեալ ապահովութիւն, կայունութիւն եւ միասնականութիւն, որովհետեւ հզօր, միասնական եւ կայուն Լիբանանը Պաղեստինեան հարցի լուծման ռազմավարական նեցուկն է», ըսաւ Հանիէ:
Ան ընդգծեց, որ իրենք քննարկած են Պաղեստինեան դատին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւններ, որոնցմէ` Դարու գործարքը, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու կարգ մը արաբական երկիրներու նախաձեռնութիւններն ու սիոնական գոյացութեան վերաբերող արժէքը:
Հանիէ ընդգծեց, որ իրենք լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ կեցուածք մը արտայայտած են` մերժելով բոլոր այն ծրագիրները, որոնք թիրախ կը դարձնեն Պաղեստինեան դատը: «Մենք կը հաստատենք, որ Լիբանանի մէջ ապրող պաղեստինցիները Լիբանանի հիւրերն են եւ կը մերժեն որեւէ տեսակի բնակեցում ու բռնագաղթ: Իսկ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները պիտի մնան ապահովական կայունութեան մնայուն հասցէ», ըսաւ ան:
Հանիէ նշեց, որ պաղեստինցիները լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չեն դառնար, եւ կամ Լիբանանի ապահովական կայունութեան վրայ վատ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ, այլ` մնայուն կերպով պիտի մնան կայունութեան ազդակ:
Հանիէ շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, որ Իսրայէլ թշնամի է` աւելցնելով, թէ շրջանին մէջ այս համոզումը բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ: