Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգման 42-րդ յիշատակին առիթով:
Պըրրի յայտնեց, որ Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակի սեմին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումով եղած ամէնէն վտանգաւոր բացայայտումը երկրին քաղաքական եւ տնտեսական վարչակարգի ամբողջական փլուզումն էր:
Պըրրի կոչ ուղղեց` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը անյապաղ կատարելու:
Ան ըսաւ, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ ժողովուրդին հարուածած աղէտին հետ չզգացին եւ շարունակեցին իրենց տղայական վարուելակերպը, յղփացած մօտեցումը, բախտախաղն ու երկիրը փուլ բերելու ջանքերը:
«Կը զգուշացնեմ քաղաքական նման վարուելակերպ ցուցաբերելէ, որովհետեւ անիկա կը ներկայանայ իբրեւ պարարտ հող` քնացած ահաբեկչական բջիջներու սատանաները զարթնեցնելու», հաստատեց Պըրրի:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է առանց նախապայմանի կազմել հզօր եւ կարողութիւններ համախմբող կառավարութիւն մը, որ յստակ ժամանակաշրջանի մը մէջ իրագործուելիք ազգային փրկութեան ծրագիր ունենայ:
Պըրրի վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` քաղաքական ուժերը հրաւիրելու ազգային երկխօսութեան մը, որուն նպատակն է քննարկել Լիբանանը քաղաքացիական պետութեան վերածելու, համայնքային պատկանելիութենէ անկախ ընտրական օրէնք մշակելու, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտ մը կազմելու կարելիութիւնները:
Իր խօսքը ուղղելով Ամալ շարժումի անդամներուն եւ հետեւորդներուն` Պըրրի հաստատեց, որ անոնք պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլան իրենց եղբօր` Հըզպալլայի կողքին պատերազմելու թշնամի Իսրայէլի սանձազերծելիք որեւէ յարձակումի կամ բռնարարքի դէմ:
«Ներքին լիբանանեան առումով կտրականապէս մերժելի է սայթաքիլ հոն, ուր թշնամին կը փափաքի, որ մենք սայթաքինք», ըսաւ Պըրրի Ամալ շարժումի անդամներուն: