Ընդառաջելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կոչին, երէկ` ուրբաթ, 28 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան, ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումին պատճառով ինկած զոհերու եւ եղած վնասներու ցանկագրումին գծով պատրաստուած միացեալ հարցախոյզի առաջին փուլը:
Արդարեւ, ժամանակի եւ աշխատուժի խնայողութեան նախանձախնդրութեամբ, նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու հարցադրումներուն եւ կարիքներուն համապատասխանող եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչի որդեգրած հարցախոյզին օրինակով նմանօրինակ միացեալ տարբերակ մը բանաձեւուած էր նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ: Առ այդ, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի (Եու.Էն ՀԵՊԻԹԵԹ), «Միջազգային գործակցութեան լեհական խորհուրդ»-ի (Փոլիշ Էյտ- Փի.Սի.Փի.Էմ.), Պէյրութի Արաբական համալսարանի եւ «Ուըրլտ վիժըն»-ի 129 կամաւորներ, բաժնուած 33 խմբակներու, սկսան ամբողջացնել նշեալ միացեալ հարցախոյզին հարցումները, եւ այս` ըստ շրջանի բնակիչներուն տուած տեղեկութեանց: