Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր` նաեւ շրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար արեւելեան Միջերկրականի մէջ թուրք-յունական լարուածութիւնը:
Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան չի զբաղիր տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապակայունացմամբ, եւ որ թրքական իշխանութիւնները լարուածութիւնը մեղմացնելու ու երկխօսութիւն կատարելու ուղղութեամբ ջանքեր ի գործ դրած են:
Աւելի ուշ Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Թրամփ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր մտահոգութիւն յայտնած է Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայիս ստեղծուած լարուածութիւն նկատմամբ:
Ան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկու պետութիւններուն կոչ ուղղած է` արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժանիւթի հարստութիւններու վերաբերեալ իրաւունքներու գծով իրենց տարակարծութեան հարցով երկխօսութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց.«Ֆրանսական զինուորական օդանաւերու ռազմափորձերու պատրուակով Կիպրոսի հանրապետութեան մէջ էջք կատարելը 1960 թուականի համաձայնագիրի խախտում է, եւ Ֆրանսան իր այս քայլով վտանգաւոր կերպով կը քաջալերէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութեան պատասխանատու Յունաստանը` լարուածութիւնը առաւել եւս սրելով»: