Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա եւ Իտալիա չորեքշաբթի օր սկսած են օդուժի եւ ծովուժի ռազմափորձերու` Կիպրոսի հարաւը:
Ռազմափորձերը, որոնք ստացած են «Եունոմիա» անունը, կը կատարուին 26-28 օգոստոսին եւ կը հանդիսանան չորս երկիրներու համագործակցութեան մէկ մասը` են` Միջերկրական ծովի շրջանին մէջ աճող լարուածութիւնը յաղթահարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ յունական «Էքաթիմերինի»-ն:
Յայտարարութեան մէջ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանակիոթոփուլոս նշած է. «Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ցոյց տալ եւրոպական միջերկրականեան չորս երկիրներու հաւատարմութիւնը օրէնքի գերակայութեան` լարուածութեան թուլացման քաղաքականութեան ծիրին մէջ»: