Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր համակիրներուն կոչ ուղղեց` 12 տարի իր Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վրայ մնալը պահանջելու:
Թրամփի համակիրները ընդհանուր ժողովին ընթացքին անոր սրահ մուտքի ժամանակ ուժեղ կերպով կը բացագանչէին` «յաւելեալ 4 տարիներ»: Անոնք կ՛ակնարկէին յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան Թրամփի յաղթանակին ու յաւելեալ 4 տարի իշխանութեան վրայ մնալուն: Թրամփ այդ բացագանչութիւններուն պատասխանեց. «Բացագանչեցէք յաւելեալ 12 տարի, եթէ կ՛ուզէք զանոնք խենթացնել»:
Նշենք, որ ամերիկեան սահմանադրութիւնը նախագահին իրաւունք կու տայ երկու նստաշրջաններ` այսինքն առաւելագոյնը 8 տարի մնալ իշխանութեան վրայ: