Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 25 օգոստոսին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագիրներուն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զեկուցումով հանդէս եկած է Լիբանանի հայկական համայնքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները կազմակերպող եւ համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունցը: Ըստ անոր, բացի պետական պիւտճէի պահուստային ֆոնտի միջոցներէն օրերս յատկացուած 25 միլիոն դրամ օժանդակութենէն, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան արտապիւտճէական հաշիւին մէջ հաւաքագրուած է աւելի քան 17 միլիոն դրամ, եւ անիկա աւելցնելու համար տարբեր նախաձեռնութիւններ կը կատարուին:
Նախագահ Յարութիւնեան շեշտած է, որ չափազանց կարեւոր է պահպանել Լիբանանի հայկական համայնքը` իբրեւ կայացած գաղութի ամբողջականութիւն, որուն իր ուժերուն ներածին չափով կը նպաստէ նաեւ Արցախի կառավարութիւնը: