Պելճիքան տեղեկացուց Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը աւարտին հասցնելու մասին: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին կը յայտնէ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը:
«24 օգոստոս 2020-ին Պելճիքան յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը աւարտին հասցնելու մասին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: