Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ՝ «Splash League»-ի, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի 3×3 բաժակի մրցաշարքը՝ առաջին անգամ ըլլալով:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ խումբեր՝ Երեւանէն, Արթիկէն եւ Կապանէն:
Յաղթական հռչակուեցաւ Ուրարտու խումբը, մինչ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին, յաջորդաբար՝ «Varant» եւ «Back to Back» խումբերը:
Պէտք է ըսել, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս մրցաշարքը, ընթացաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք մթնոլորտի մը մէջ, մասնակցող խումբերուն մօտ: