Պարսելոնայի պրազիլցի ֆութպոլիստ՝ Ֆիլիփ Քութինիօ, շատ հաւանական է, որ դարձեա’լ վերադառնայ Պարսելոնա, այս գծով կը յայտնէ սպանական մամուլը:
28 տարեկան միջնապահը, թէեւ իր ապագային մասին յստակ որոշում մը չէ կայացուցած, սակայն կ’ուզէ վերադառնալ քաթալոնիական ակումբին:
Իսկ անգլիական մամուլին համաձայն, նշուեցաւ, որ Քութինիօ շուտով պիտի միանայ լոնտոնեան Արսենալին:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Քութինիօ, իր գործակալին հետ քննարկած է Արսենալ իր տեղափոխութեան հնարաւորութիւնը եւ կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան եկած են անձնական պայմանագրութեան կէտերուն շուրջ:
Քութինիօ, որ 2019-ին Պարսելոնայէն փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխի, նախանցեալ օր, գերմանական կազմին հետ տիրացաւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին: