ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Սփիւռքեան մեր միջնաբերդ, այսօր վիրաւոր ես դուն:
Հայօրէն շնչող ու ապրող, դուն մեր Ազգային շունչի մեծ շտեմարան:
Ամպեր կուտակուած են գլխուդ, մայրեր կրկին սեւեր հագած, տուներդ փլատակի վերածուած, հաստատութիւններդ` քանդուած, զաւակներդ` նահատակ:
Ժողովո՛ւրդ սիրելի, նոր չէ ասիկա քեզի համար, բայց նորագոյնը: Դուն տեսած ես 1915, դուն տեսած ես հայրենի տունիդ քանդումը ու բռնօրէն գաղթած, դուն տեսած ես պատերազմներ ու բազում դժուարութիւններ եւ միշտ կրցած ես մէջքդ շտկել: Դուն այն ժողովուրդն ես, որ ոչինչէ, գաղթական վիճակով իսկ կրցար կազմակերպուած հաւաքականութիւն դառնալ:
Անպայմանօրէն կրկին պիտի վերաշինես տունդ, կրկին պիտի խնդաս, որովհետեւ մեր ժողովուրդի առասպելական ուժին կրողն ես, անկոտրում հաւատաւորն ես, դուն ծնած ես տոկալու ու պիտի ապրիս քեզի, հայութեան եւ հայրենիքին համար: Պիտի ապրիս, որպէսզի ապրեցնես սփիւռքը հայօրէն: Այո՛, դուն այն մեծ շտեմարանն ես, որմէ սփիւռքը հայեցի ոգի կը ստանայ: Տասնեակ տարիներ մտաւորական զաւակներովդ օժտեցիր սփիւռքեան մեր գաղութները, որոնք հայկական քու շունչդ փոխանցեցին ու կեանք տուին հայութեան ամէնուրեք:
Դուն պէտք ես մեզի եւ պէտք է, որ մնաս:
Պէտք չէ լսես այս օրերուն խուճապի մատնուած աղաղակները, թէ՛ ներսի եւ թէ՛ դուրսի` երկիրը լքելու: Չոր իրականութիւն է, որ մայր հայրենիքը դժբախտաբար կարողութիւնը չունի քեզ ընդունելու, ո՛չ ալ միւս բոլոր օտար երկիրները քեզ հայօրէն պիտի ապրեցնեն:
Այո՛, դժուարին պայմաններու մէջ կ՛ապրիս, ցաւով ու տառապանքով, բայց նոյնպէս` յոյսով ու տոկալու կամքովդ: Պիտի յաղթահարես այս բոլորը, ինչպէս միշտ ըրած ես:
Յուսալքուելու իրաւունք չունիս:
Գիտցի՛ր քու հետդ է մեր ազգը ամբողջ, համայն աշխարհի հայութիւնը:
Դուն պէտք է ապրիս, որովհետեւ կրողն ես առաքելութեան մը, որ տակաւին իրականացած չէ:
Իսկ դուք, սփիւռքեան ու հայրենիքի բոլոր հաւատաւոր զաւակներ, օ՛ն ուրեմն, քու պարտականութիւնդ է օգնութեան հասնիլ Պէյրութին: