ՍԵՐՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ
By adminx - Tue Jan 17, 7:38 am
Սերպական «Պլիչ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի եւ քանի մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ յարձակումներ գործելու սպառնալիքներ ուղղուած են:
Ըստ օրաթերթին, 13 յունուարին Սերպիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան աշխատակից մը ստացած է հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է Թատիչի, ներքին գործոց նախարարին, պատրիարքին եւ ոստիկանապետին դէմ յարձակումի մասին:
Ոստիկանութեան մէջ նշած են, որ հաղորդագրութիւնը ոչ թէ սպառնալիք եղած է, այլ` նախազգուշացում, եւ զայն լուրջ նկատած են:
Թատիչ 2010-ին անանուն սպառնալիքներ ստացած էր Դիմատետրի իր էջին վրայ, իսկ նախապէս յայտարարուած էր, որ բարձրաստիճան շարք մը անձեր, որոնց շարքին` Սերպիոյ նախագահը պարբերաբար երկրի թմրեցուցիչի վաճառման հեղինակաւոր խմբակներէն սպառնալիքներ կը ստանան:






