Ուրբաթ, 21 օգոստոսին, գերմանական Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան իտալական Ինթեր Միլանն ու սպանական Սեւիլլան:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, Ռոմելու Լուքաքու փենալթիով նշանակեց Ինթերի եւ մրցումին առաջին կոլը: Սակայն Սեւիլլայի պատասխանը եղաւ արագ, նկատի ունենալով որ 12-րդ եւ 33-րդ վայրկեաններուն Լուք Տը Եոնկ պատասխանեց երկու անգամով: Հոս կարեւորութեամբ պէտք է նշել այն կարեւոր կէտը, որ այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ Եոնկ հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ աւարտականի մրցումին գլուխով կը նշանակէ երկու կոլ:
Տիեկօ Կոտինի նշանակած կոլին շնորհիւ, երկու կազմերը հանդերձարան ուղղուեցան՝ 2-2 հաւասարութեամբ մը:
74-րդ վայրկեանին, Լուքաքու բաւական անբախտ գտնուեցաւ, երբ իր բերդէն ներս սխալմամբ կոլ մը նշանակելով, պատճառ դարձաւ իր կազմին պարտութեան՝ 3-2 արդիւնքով:
Այսպիսով, Սեւիլլա իր պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, ինչ որ կը նկատուի մրցանշային, այժմու «Եւրոպայի-Լիկա»-յի եւ նախկին «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-յի մրցաշարքերուն գծով :
Նշենք, որ 2009-2010 տարեշրջանէն սկսեալ, մրցաշարքին անունը ճանչցուեցաւ՝ «Եւրոպայի-Լիկա»:
Նախապէս անիկա այս տիտղոսին տիրացած էր՝ 2005–2006, 2006–2007, 2013–2014, 2014–2015, 2015–2016 տարեշրջաններուն:
Իրենց այս տիտղոսը ստանալէն ետք, Սեւիլլայի ֆութպոլիստները յայտարարեցին ըսելով, որ իրենց այս յաղթանակը կը նուիրեն իրենց մահացած երկու խմբակիցներուն՝ Խոսէ Անթոնիօ Ռեյեսին եւ Անթոնիօ Փուէրթային (անոնց շապիկներուն վրայ գրուած էր անոնց երկուքին անունները եւ զետեղուած՝ անոնց լուսանկարները):