Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին բերդապահ՝ Փեփէ Ռէյնա, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սպանիոյ մէջ, այս գծով յայտնեց սպանական մամուլը:
«AS» յայտնեց ըսելով, որ 37 տարեկան բերդապահը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած է Վալենսիայի հետ եւ 2020-2021 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-յի մրցումներուն::
Հակառակ անոր որ բերդապահին ստորագրութիւնը կը պատկանի Ա. Սէ. Միլանին, սակայն իտալական ակումբը պատրաստ է անվճար հրաժարիլ անկէ:
Նշենք, որ 2020 տարուան սկիզբը, ան փոխ տրուած էր Ասթոն Վիլայի:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին՝ Պարսելոնա, Վիարէալ, Լիվըրփուլ, Պայէրն Միւնիխ եւ Նափոլի: