Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա սկզբունքով համաձայն էր Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանի կազմութեան եւ ոչ մէկ անգամ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դարձած է:
«Մոսկուայի համար կարեւորագոյնը այն էր, որ դատարանն ու հետաքննութիւնը չքաղաքականացուէին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին խլրտումներ չպատճառէին», ըսաւ ան:
Զասիփքին յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ Լիբանանի ներքին կայունութիւնը պահպանելու իմաստով թէ՛ Հըզպալլայի եւ թէ՛ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախանձախնդրութեան առնչութեամբ: «Այս կեցուածքը լաւ եւ պատասխանատու կեցուածք է», նշեց ան:
Ռուս դեսպանը, որ արդէն իսկ իր հրաժեշտի այցելութիւնները կը կատարէ` Լիբանանէն մեկնելու, հաստատեց, որ Ռուսիա անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն արագ միջոցին Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: «Մեր պատկերացումով` կառավարութիւնը պէտք է կազմուի քաղաքական ուժերէն, որոնք անյապաղ բարեկարգումներ պէտք է կատարեն եւ արժանանան միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ կապերը պահպանեն Արեւելքին եւ Արեւմուտքին հետ», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատուաստին վաւերացման` Զասիփքին յայտնեց, որ ատիկա հպարտութիւն է իրենց համար, որովհետեւ Ռուսիոյ կողմէ իրագործուած բժշկական նուաճում է:
«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատուաստը Լիբանան հասնի», ըսաւ Զասիփքին: