ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Պէյրութը սուգի մէջ է:
Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ անբաժան մէկ մասը Պէյրութին, ինքն ալ իր կարգին ունի վնասներ: Ինքն ալ իր կարգին ունի մարդկային եւ նիւթական կորուստներ:
Այսօր աննախընթաց պատկերի մը առջեւ կը գտնուինք:
Լիբանանահայութեան ժպիտը կորսուած է: Կենսունակութիւնը` շոգիացած: Յոյսի եւ կամքի ջիղը` տկարացած:
Ամէն բանէ առաջ պէտք է գօտեպնդուինք եւ բոլորս հասնինք այս անզուգական գաղութի վերակենդանացման:
Լիբանանահայութիւնը միայն լիբանանահայութիւն չէ, լիբանանահայութիւնը ամբողջ հայութեան համար է` Արցախէն, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա:
Եթէ հոկտեմբերէն սկսեալ յաջորդական դէպքերը, ցոյցերը, կառավարութեան անկումը, դրամատուներու տագնապը, դրամի արժեզրկումը, անգործութիւնը, անապահովութիւնը, «Քորոնա» ժահրը, լիբանանցիին ներկան եւ ապագան պղտորած էին, օգոստոս 4-ի նաւահանգիստի պայթումը եկաւ անցեալն ալ ոչնչացնելու: Այսինքն, տուն-տեղ, յիշատակներ, լաւ տարիներու պատկերներ փճացնելու:
Եթէ 2011-էն ի վեր սկսած Սուրիոյ պատերազմը զանազան փուլերով գաղթի ալիքներ բարձրացուց, օգոստոս 4-ի Պէյրութի պայթումը Սուրիոյ կուտակուած ինը տարիներու գաղթի մեծ ալիք մը ստեղծեց մէկ պայթումով:
Այս է իրականութիւնը: Այսօր բոլորս ալ կը գտնուինք արտակարգ ճգնաժամային իրավիճակի մը մէջ:
Սակայն բարեբախտաբար առանձին չենք եւ առանձին չենք զգար առաջին վայրկեանէն:
Կրօնական, միութենական, կուսակցական, ազգային, բարեսիրական բոլոր մարմիններն ու անհատները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն ամէնուր հասնելու մեզի:
Առանձին չենք: Առանձին չենք, եւ համբերութեամբ ու կազմակերպ աշխատանքով կարելի է բոլորին հասնիլ:
Պիտի հասնինք: Պիտի վերականգնենք ամէն բան: Քիչ մը համբերութիւն եւ հանդուրժողութիւն: Այս ծաւալով եւ այսքան զօրաւոր հարուած մը չէինք ստացած: Ո՛չ փորձառութիւնը ունինք, ո՛չ ալ այս տարողութեամբ կառավարելու մարդուժ: Սակայն պիտի ընենք: Կազմակերպենք: Կամաւորներով, ժպիտով, հանդուրժելով, թիկունք-թիկունքի կանգնելով: Առանց շահագործումի, առանց չարամտութեան, առանց չարախօսութեան եւ մանաւանդ շնորհակալ ըլլալով կատարուած գործերուն համար անհատական թէ հաւաքական:
Մնայունը եղած է, կը մնայ եւ պիտի մնայ լիբանանահայութեան վառող փարոսը, որ լոյս պիտի տայ բոլոր գաղութներուն, ուղղութիւն պիտի տայ բոլոր կողմերուն, յոյս պիտի տայ բոլոր ալիքներուն մէջ մատակարարողներուն` հասնելու խաղաղ ափին:
Ծո՜վ համբերութիւն բոլորիս: