Իրան Թալեպան շարժումի անդամներուն գումարներ վճարած է Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակից ուժերու զինուորներու սպանութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Կարտիըն»-ը` մանրամասնելով, որ ատոր հիմամբ անցեալ տարի տեղի ունեցած են յարձակումի վեց դէպքեր, ներառեալ` Պաղրամի մէջ ամերիկեան օդուժի ռազմակայանի ռմբակոծումը:
Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ այս տեղեկութիւնը ստացած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը: 11 դեկտեմբեր 2019-ին Պաղրամի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին համար Իրան վճարած է թալեպաններուն աջակցող «Հաքանի» ցանցին, որուն ներկայացուցիչները սպաննած են երկու քաղաքացիներ, վիրաւորած աւելի քան 70 անձեր, ներառեալ` երկու ամերիկացիներ:
Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան կողմի արձագանգին, ապա Փենթակոնը որոշած է պատասխան հարուած չհասցնել` ուզելով պահպանել նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի եւ Թալեպան շարժումին միջեւ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնագիրը: Սակայն յատկանշական է, որ Պաղրամի յարձակումէն մէկ ամիս ետք Միացեալ Նահանգներ անօդաչու թռչող սարքի հարուածով Պաղտատի մէջ սպաննած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանին: Սակայն չի բացառուիր, որ բարձրաստիճան իրանցի զինուորականի սպանութիւնը Պաղրամի յարձակումին հետ կապ չունի:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ շուրջ երկու ամիս առաջ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւն յայտնուած էր, թէ Ռուսիան թալեպաններուն գումարներ կը վճարէ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացիներու սպանութեան համար: Օրին նախագահ Թրամփ յայտարարած էր, որ հետախուզութիւնը իրեն նման տուեալ չէ ներկայացուցած եւ որ ատիկա կեղծիք է, մինչդեռ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հաստատած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին զգուշացուցած է, որ «Մոսկուան այդ բոլորին համար կրնայ շատ մեծ գին վճարել»:
Փենթակոն խոստացած էր ուսումնասիրել տեղեկութիւնը, սակայն մինչեւ այսօր այդ առնչութեամբ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած:
Նշենք, որ «Սի.Էն.Էն.» եւս նոյն լուրը հաղորդեց: