Հայկական ֆութպոլի ակումբներէն՝ Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը, պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ ակումբին 18 ֆութպոլիստները եւ 5 մարզիչները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
14 օգոստոսին, Արարատի անձնակազմն ու խումբին տրամադրութեան տակ գտնուող ֆութպոլիստները, յանձնած են իրենց քննութիւնները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, 18 ֆութպոլիստներու եւ 5 մարզիչներու մօտ արդիւնքները եղած են դրական:
Նշուեցաւ, որ 5 ֆութպոլիստները մաս կը կազմեն բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբին, իսկ 13-ը՝ Արարատ-2-ին: Այս պատճառով յետաձգուած է, շաբաթ, 15 օգոստոսին տեղի ունենալիք՝ Արարատ-2-Ալաշկերտ-2 մրցումը:
Ինչ կը վերաբերի, Արարատ-Փիւնիկ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան (Vbet. Փրեմիեր-Լիկ) Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումին, անիկա չյետաձգուեցաւ, որովհետեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երեւանեան ակումբին յայտնեց, որ մրցում մը կրնայ յետաձգուիլ, միայն այն ժամանակ, եթէ երեքէ աւելի ֆութպոլիստներ վարակուին «Քորոնա» ժահրով: