Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ շեշտեց.«Էմիրաթական-իսրայէլեան խաղաղութեան համաձայնութիւնը գերիշխանական որոշում մըն է եւ Իրանի դէմ ուղղուած չէ»:
«Չենք ընդունիր մեր որոշումներուն միջամտութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մերժենք սպառնալիքը` անիկա կառավարութենէ կը բխի, թէ մտահոգութենէ», աւելցուց Քըրքաշ:
«Ռազմավարական որոշումները շրջադարձային են, եւ մեր` դէպի ապագայ ուղղուած որոշումը կ՛ամրապնդէ մեր դիրքն ու մրցունակութիւնը», նշեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շաբաթ օր զգուշացուցած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւնները «շրջանի օդային տարածքը Իսրայէլի դիմաց բանալէ, որովհետեւ այդ պարագային հաշիւները պիտի փոխուին»:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն գոյացնելով մեծ սխալ մը գործեցին», ըսաւ Իրանի նախագահը:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը երէկ դատապարտեց Արաբական Միացեալ էմիրութիւններուն դէմ իրանեան սպառնալիքները` նշելով, որ անոնք «շրջանին վրայ վտանգաւոր հետեւանքներ կը պարունակեն»:
Խորհուրդը Իրանին կոչ ուղղեց «չմիջամտելու երկիրներու հարցերուն եւ սպառնական լեզու չօգտագործելու»:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը նշեց, որ կը կանգնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողքին ընդդէմ որեւէ սպառնալիքի, որ կը վտանգէ անոնց անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը: