Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Յուղարկաւորել
Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերը
4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստը հարուածած պայթումը, որուն պատճառով քանդուեցաւ մայրաքաղաքին մէկ կարեւոր բաժինը, տակաւին ինքզինք իբրեւ ողբալի դէպք կը պարտադրէ` լիբանանցիին առօրեային վրայ:
Մար Մխայէլի, Ժըմմէյզէի, Քարանթինայի, եւ նաւահանգիստին մօտակայ վայրերուն մէջ հիմնայատակ քանդումը, ենթակառոյցի չգոյութիւնը, անպատսպար քաղաքացիներու վիճակը տխրութեամբ կը համակէ բոլորին հոգիները:
Այս բոլորին կողքին վիրաւորներուն կոտտացող ցաւերը, ինչպէս նաեւ հարազատ կորսնցուցած քաղաքացիներուն վիշտը, առիթ չեն տար լիբանանցիին վերագտնելու իր կենսուրախութիւնը:
Որոնողական աշխատանքները շարունակելու իբրեւ արդիւնք ամէնօրեայ դրութեամբ անյայտ կորսուածներու դիակներ եւ մարմնի մնացորդներ կը գտնուին, որոնց զուգահեռ Պէյրութն ու լիբանանեան իւրաքանչիւր շրջան կը վկայեն յուղարկաւորութիւններ, որոնց ընթացքին բոլորը կը սգան անմեղ զոհերուն մահը:
Նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ չորսուկէս ժամուան համար հարցաքննեց Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահերը եւ անոր դէմ բերման գիր հրապարակեց:
Սուուան ուղղուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստ` ստուգելու համար դէպքին վայրը եւ ծանօթանալու համար արձանագրուած վնասներուն:
Կը նախատեսուէր, որ այդ այցելութենէն ետք, ան հարցաքննութեան ենթարկէր նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմը եւ ըստ այնմ որոշում տար:
Հետաքննութիւն կատարող լիբանանցի ու օտար հետաքննիչներուն միացան նաեւ «Էֆ. Պի. Այ.»-ի յատուկ հետաքննիչներ:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ հաստատեց, որ երկու քանատացիներ զոհուած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` աւելցնելով, որ Քանատա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Երէկ երեկոյեան յայտարարուեցաւ, որ նկատի ունենալով Պէյրութի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան հրաժարած ըլլալու իրականութիւնը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ հրաժարեալ վարչապետին կողմէ արտակարգ որոշումով մը Պէյրութի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ 18 սեպտեմբեր 2020:
Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի հաստատեց, որ Պէյրութի քաղաքապետարանը որոշած է ամբողջութեամբ ստանձնել շրջանին մէջ վնասուած շէնքերուն հիմերը վերջնականապէս ամրացնելու պարտականութիւնն ու հոգալու անոր ծախսերը:
Միւս կողմէ, Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ Հաթեմի յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է սպառազինումի իմաստով Լիբանանի կարիքները հոգալու` աւելցնելով սակայն, որ այդ որոշումը կը մնայ լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Նշենք նաեւ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի խորհրդատու Հիւսէյն Տահքան հաստատեց, որ ինք հարիւր առ հարիւր վստահ է, թէ Իսրայէլ պատասխանատու է Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին:
Տարբեր Պետութիւններէ Օժանդակութիւններ
Կը Շարունակեն Հասնիլ Լիբանան
Լիբանանեան բանակը շարունակեց ընդունիլ մեծ թիւով մարդասիրական օժանդակութիւններ, որոնք տարբեր երկիրներէ տրամադրուած են Լիբանանին:
Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ իրաքեան օդանաւ մը, որ փոխադրեց սննդեղէն, իրլանտական օդանաւ մը` բշժկական պիտոյք, յունական օդանաւ մը` բշժկական պիտոյք եւ դեղորայք, ֆրանսական նաւ մը` սննդեղէն եւ բժշկական պիտոյք, եգիպտական զոյգ օդանաւեր` սննդեղէն:
Նշենք նաեւ, որ ամերիկեան ծովուժը յայտարարեց, թէ լիբանանեան բանակը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ իր ծովուժի ռազմակայանի վերակառուցման համար օժանդակութիւն խնդրած է:
Հէյլ. «Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին Մնայուն Նիւթական
Օժանդակութիւններով Պիտի Ընդառաջեն,
Եթէ Բարեկարգումները Կատարուին
Եւ Լիբանանցի Ղեկավարները Փոփոխութիւն
Կատարելու Իրենց Խոստումներուն Յանձնառու Ըլլան»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց Լիբանանի մէջ իր հանդիպումները, ինչպէս նաեւ այցելեց պայթումին վայրը:
Պէյրութի նաւահանգիստէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ Հէյլ յայտնեց, որ գերիշխան պետութիւններուն պարագային նաւահանգիստը ամբողջութեամբ անոնց հակակշիռին տակ կ՛ըլլայ: «Լիբանանի պարագային այդպէս չէր, եւ կը հաւատամ, որ լիբանանցիները կը փափաքին, որ իրենց պետութիւնը իր գերիշխանութեան տակ պահէ նաւահանգիստն ու պետական բոլոր կառոյցները», ընդգծեց Հէյլ:
Միւս կողմէ, Հէյլ իր այցելութիւնները եզրափակեց հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի կարիքներուն մնայուն նիւթական օժանդակութիւններով պիտի ընդառաջեն, երբ նշմարեն, թէ բարեկարգումները ծրագրուած կերպով կը գործադրուին, եւ թէ լիբանանցի ղեկավարները յանձնառու են իսկական փոփոխութիւն յառաջացնելու իրենց խոստումին:
Հէյլ նշեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները թափանցիկ եւ վստահելի հետաքննութիւն կատարեն` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին:
«Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ընդառաջելու ժողովուրդին արդար եւ իրաւական պահանջներուն», շեշտեց ան:
Նախագահ Աուն Պըրրիի Հետ
Քննարկեց Յառաջիկայ Փուլը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քննարկուեցան յառաջիկայ փուլին վերաբերող հարցեր, յատկապէս կառավարութեան կազմութիւնն ու վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն սկսելու քայլերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն յայտնեց, թէ ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ պէտք է մնան` պաշտպանելու համար երկիրին ապահովութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն անցեալ շաբաթավերջին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Պի. Էֆ. Էմ. Թի. Վի.» ֆրանսական պատկերասփիւռի կայանին հետ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան վաւերացուցած իրաւական հետաքննութեան որոշումը պիտի ճշդէ երկրին տնտեսական տագնապին պատասխանատուները:
Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ հետաքննութիւնը անյապաղ պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով այդ պայթումը պատճառող բոլոր վարկածները:
Պատասխանելով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու կարելիութեան մասին հարցումի մը` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան Իսրայէլի հետ ունի շարք մը խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծել:
Հըզպալլայի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Մասին Պասիլ Ըսաւ.
«Պատրաստ Եմ Պատժամիջոցներու, Եւ
Կը Մերժեմ Լիբանանեան Քաղաքական Ուժ Մը Մեկուսացնել»
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ ապահովական կառոյցները թերացած են Պէյրութի նաւահանգիստին ապահովութիւնը երաշխաւորելու կամ մեղսակցած են այդ պայթումին, ապա անոնց դիմաց իրաւական բոլոր դռները բաց կը նկատուին:
Ան շեշտեց, որ աղէտին առաջին վայրկեանէն իսկ քաղաքական շահագործումի միջնորդները եւ տեղեկատուական մարզի խօսափողերը սկսած են իրենց վրայ յարձակիլ: «Այսօրուան պատահած բոլոր իրադարձութիւնները ձեզի 2005-ը չե՞ն յիշեցներ, երբ ատելութիւնն ու հրահրումները եւ անմեղներու ամբաստանութիւնները կատարուեցան, եւ ի վերջոյ, անոնք անպարտ հռչակուեցան», հարց տուաւ Պասիլ:
Կառավարութեան կազմութեան անդրադառնալով Պասիլ ըսաւ, որ ինք ոչ մէկ պահանջ ունի եւ չի փափաքիր ներկայացուիլ անոր մէջ:
Ընտրական ներկայ օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու մասին Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն այդ օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել:
Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ ըսաւ. «Պատրաստ եմ պատժամիջոցներու, եւ կը մերժեմ լիբանանեան քաղաքական ուժ մը մեկուսացնել»:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք ոչ ոքի վրայ կը յարձակին` աւելցնելով, որ պիտի չարտօնեն նաեւ, որ ոեւէ մէկը իրենց վրայ յարձակի: «Մեր խիղճը հանգիստ է, որովհետեւ մենք բարեկարգումի ռահվիրաներն ենք: Մեզի մի՛ առաջնորդէք հոն, ուր կը մերժենք երթալ: Մենք բարի ենք եւ ոչ թէ տկար, մենք միլիս չենք, սակայն հայրենիքին զաւակներն ենք եւ լաւ կը ճանչնանք մեր հողը», ըսաւ ան:
Ռայի Յայտարարեց «Լիբանանը Եւ
Աշխուժ Չէզոքութիւնը» Յուշագիրը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց «Լիբանանը եւ աշխուժ չէզոքութիւնը» յուշագիրը:
Ան հաստատեց, որ յուշագիրին հիմնական բաղադրիչը պիտի ըլլայ ան, որ Լիբանան պէտք չէ դաշինքներու եւ առանցքներու մաս կազմէ:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Արաբական լիկայի 1945-ի ուխտը կը հաստատէ, որ Լիբանանը արաբներուն միջեւ զօրակցական տարր է եւ ոչ թէ բաժանումի տարր:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց որ Լիբանանի փրկութեան միակ ելքը չէզոքութիւնն է, որպէսզի ան մնայ պատգամի երկիրը, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքակրթական կամուրջը, ինչպէս նաեւ կերտէ իր զօրութիւնը` զինուորական, պետական հաստատութիւններուն, արդարադատութեան եւ ներքին միասնականութեան առումով, որպէսզի երաշխաւորէ իր ներքին ապահովական կայունութիւնը եւ կարենայ ինքզինք պաշտպանել Իսրայէլէն կամ որեւէ արտաքին վտանգէ:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժերը կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերեալ միջազգային հետաքննութիւն կը պահանջեն:
Իսկ կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին, Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի հաշուոյն կատարուելիք որեւէ համաձայնութիւն մերժելի է` ընդգծելով, որ բարեկարգումը միայն վարչական մակարդակով պէտք չէ ըլլայ, այլ` քաղաքական, ազգային եւ զինուորական իմաստով տրուելիք ազգային որոշումները: