Sunday May 19, 2013

ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼՈՒ ՏԵՂԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ»

By adminx - Tue Jan 17, 6:52 am

Զարաքօլու

«Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու իր փաստաբան Սեննուր Պայպուայի միջոցով Թուրքիոյ խորհրդարանին յղած է խնդրագիր մը, ուր կոչ կ՛ուղղէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին` Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող ձուլումի ու տեղահանութեան արարքները: Այս խնդրագիրը հրատարակած է թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջը:

Զարաքօլու իր խնդրագիրին սկիզբը կը նշէ, թէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու տեղահանութիւնը ու ճնշումի ձեւերը եղած են գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանի գլխաւոր քաղաքականութիւնը: «Կայսերապաշտութեան ժամանակաշրջանին` գաղութատիրութեան վերջին հանգրուանին այս քաղաքականութիւնները ամէնէն սուր ձեւով` ցեղասպանութեամբ արտայայտուեցան», կ՛ըսէ ան:

Զարաքօլու կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիա պէտք է դէմ յանդիման կանգնի իր պատմութեան` աւելցնելով, որ ասիկա միայն զոհի բարոյական պարտաւորութիւն չէ, միաժամանակ թուրք հասարակութեան մաքրութեան եւ առողջութեան վերականգնման համար պարտաւորիչ պայման է:

«Այս հասարակութեան շատ սուտեր խօսուեցան: Այս հասարակութիւնը շատ անգամ յանցագործութեան մղուեցաւ: Յանցագործները «հերոս», իսկ զոհերը «յանցաւոր» ըրինք: «Զօրաւոր» եւ «արդար» հասարակութիւն ունենալու ուղին մաքրութենէն կ՛անցնի: Այս մաքրուիլը միեւնոյն ժամանակ հասարակութիւնը կազմող հաստատութիւններուն ալ մաքրութեան եւ բարոյականութեան վերականգնման կ՛օգնէ: Ատկէ ետք կերտուած պատմութիւնը շարունակուեցաւ նոյն հիման վրայ: Տերսիմի ցեղասպանութեան մասին եղած ներում հայցելու քննարկումները այսօր մեր երկիրին համար կը ստեղծեն իր պատմութեան դէմ յադիման գալու կարեւոր կարելիութիւն մը», կ՛ըսէ ան:

Զարաքօլու կ՛առաջարկէ` ըսելով. «Չափազանց պարզ է. օսմանեան պետութեան ժառանգորդը Թուրքիոյ հանրապետութիւնն է: 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւող զոհերուն պատճառ եղած տեղահանութեան, տեղափոխութեան եւ ձուլումի քաղաքականութիւններուն պատճառով ներողութիւն պէտք է ըսուի: Բարոյական առումով, այս ներողութեան տեղը ո՛չ թէ ուրիշ երկիրներու խորհրդարաններն են, այլ` Թուրքիոյ խորհրդարանը: Այս մէկը մեզ չի նուաստացներ, ընդհակառա՛կը, արժանապատիւ եւ զօրաւոր կը դարձնէ: Անատոլուն պիտի օգնէ սփիւռք անունով նուաստացուցած իր զաւակները գրկաբաց ընդունելու գործին: Այն ժամանակ,  Մարթին Լութըր Քինկի ըսածին նման,  «Բոլորս պիտի շահինք եւ ձեռք ձեռքի պիտի քալենք»: Իրականութեան հետ դէմ յանդիման գալը, բոլորս ազատ պիտի դարձնէ:

«1915-ի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կը մօտենանք: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ծանր «յանցանքին» համար եւ անկէ բխող տեղահանման ու ձուլումի տարբեր գործողութիւններուն համար ե՛ւ զոհերէն, ե՛ւ մէկ ամբողջութիւն եղող մեր քաղաքացիներէն ներում պէտք է հայցէ` Նազիմ Հիքմեթի խօսքով` «Մեր ճակատին քսուած այս սեւ բիծերուն» համար: 1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այս ծանր, բայց միեւնոյն ժամանակ ազնուական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն անունով իր վրայ պէտք է վերցնէ», ըսած է Զարաքօլու:

Յիշեցնենք, որ «Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր Ռակըպ Զարաքօլու 44 մտաւորականներու հետ ձերբակալուած է 28 հոկտեմբեր 2011-ին: Ան կը մեղադրուի յեղաշրջման փորձ կատարելուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մէկ մասնաճիւղին` Քրտական հանրութիւններու միութեան օժանդակելուն համար:

Նոյն այդ ծիրին մէջ, հոկտեմբեր 7-ին Պոլսոյ մէջ 90-էն աւելի քիւրտ գործիչներու հետ ձերբակալուած էր նաեւ Զարաքօլուի որդին` Տենիզ Զարաքօլու: Ան կը մեղադրուի յեղաշրջումի փորձ կատարելու եւ Քրտական հանրութիւններու միութեան օժանդակելու յանցանքով:

Զարաքօլու Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտման դէմ պայքարող ամենայայտնի մտաւորականներէն է: Իր այդ գործունէութեան համար Զարաքօլու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ պարբերաբար հետապնդուած է: Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» պատմավէպը թարգմանելուն եւ Պոլսոյ մէջ իրեն պատկանող «Պելկէ» տպարանին մէջ հրատարակելուն համար ան 2007-ին «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» յանցանքով դատապարտուած էր վեց ամսուան ազատազրկման:

Զարաքօլու դատապարտուած է նաեւ Ճորճ Ճերճեանի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ճշմարտութիւնը մեզ կ՛ազատագրէ» գիրքը թրքերէնով տպագրելուն համար:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement