Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «Պի. Պի. Սի.»-ի HARDtalk հաղորդման ընթացքին անդրադարձած է Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` Փաշինեանը նշած է, որ նշուած երկիրներէն բոլորին հետ Հայաստանը ունի տարբեր մակարդակներու, բայց շատ լաւ յարաբերութիւններ:
«Ռուսիան Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է անվտանգութեան առումով, մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք. միութիւն, որ ունի բացառապէս տնտեսական ուղղուածութիւն: Եւ մենք ստորագրած ենք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ: Եւ, ի դէպ, Եւրոպական Միութիւնը մեր հիմնական գործընկերն է բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման ճամբուն վրայ: Մենք բաւական արդիւնաւէտ ձեւով կը համագործակցինք ՕԹԱՆ-ի հետ եւ կը մասնակցինք ՕԹԱՆ-ի խաղաղարար առաքելութիւններուն Աֆղանիստանի, Լիբանանի, Քոսովոյի եւ Մալիի մէջ: Բացի ատկէ, մենք արդիւնաւէտ ձեւով կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմական ոլորտին մէջ», ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետը նշած է, որ ռազմավարական գործընկերութիւնը կը նշանակէ երկարաժամկէտ համագործակցութիւն, սակայն Հայաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ, նոյնքան լաւ յարաբերութիւններ` Միացեալ Նահանգներուն հետ:
«Մենք խնդիրներ չունինք` Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններուն առնչութեամբ: Եւ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ մեր ներկայ լաւ յարաբերութիւնները պահպանելու համար», նշած է վարչապետը:
Վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, որ միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն:
Անդրադառնալով Արցախին` վարչապետը մեկնաբանած է Ստեփանակերտի մէջ կատարած իր յայտարարութիւնը, որ «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ», նշելով, թէ հազարամեակներ շարունակ Լեռնային Ղարաբաղը բնակեցուած էր բնիկ հայ ազգաբնակչութեամբ:
«Արցախ անուանումը ունի հազարամեակներու պատմութիւն: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի փաստաթուղթին մէջ չի նշուիր Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժեր: Այնտեղ նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնապաշտպանական ուժեր: Նախքան տագնապին սկիզբը, Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան 80-90 առ հարիւրը հայեր էին: Եւ փորձելով երկրամասը մաքրել հայերէ` Ազրպէյճանը սկիզբ դրաւ տագնապին: Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հետ կը գտնուինք մէկ ընդհանուր անվտանգութեան տարածքի մէջ», դիտել տուած է Փաշինեան:
This interview considered as “Outrageous” by Several thinkers, pushing P.Minister as
Responsible for this South Caucasus Conflict, taking part of Terrorist and Genocide states and obtaining B.P.interest in oilfield after invading 1920 Baku, sabotaging #16 since 1878 in Berlin conference by Disraeli,helping evacuate Bank Ottoman with “Guaranty” for “NO Consequences”,followed 1894 Genocide,Giving sanctuary in Malta life sentenced Criminals by TURKISH ARMY HIGH COURT 1919,Forbidding ANTRANIK enter
Nakhichevan by Army Attack, ULIANOV (Lenin) 1902 Started in London, plus several “Helping Hands”,under “Outrageous Protest”in Parliament, MOST IMPORTANT NOT PROTESTING 1920 Bi-Lateral Invasion on Armenia POSTPONING DE FACTO Sevres Treaty 100 Years,and,Finding Armenia RESPONSIBLE on TOP