Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն՝ Ուեսթ Արմենիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց ըսելով, որ Խորէն Վերանեան նշանակուեցաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ: Ակումբը, անոր հետ կնքեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը:
Վերանեան, որ նախապէս մաս կազմած է, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց նախորդ տարի:
Իբրեւ ֆութպոլիստ, ան մաս կազմած է՝ Փիւնիկի, Ալաշկերտի եւ Շիրակ Գիւմրիի: