Ֆութպոլի անուանի մարզիչ, ֆրանսացի՝ Արսեն Վենկեր, մերժեց Պարսելոնայի կողմէ իրեն ներկայացած առաջարկը, ստանձնելու համար խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, այս գծով յայտնեց «Le10Sport»-ը:
Վենկերի անունը թեկնածուներու ցանկին մէջ է, որ պիտի ըլլայ Պարսելոնայի այժմու մարզիչ՝ Քիքէ Սեթիէնին յաջորդը, յայտնեց վերոնշեալ աղբիւրը:
Նշուեցաւ, որ 70 տարեկան Վենկեր, քաթալոնիական ակումբին պայմաններուն տեղեակ ըլլալէ ետք, կտրուկ կերպով մերժած է այդ առաջարկը: Պարսելոնա ֆրանսացիին առաջարկած է միայն մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ըստ սպանական մամուլին, Սեթիէն այդքան ալ մտահոգուած չէ իր ապագայով, որովհետեւ իր կազմը կը պատրաստէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա Լիկա»-յի 2020-2021 տարեշրջանին: Բացի այս մէկէն ան կը յայտնէ նաեւ, որ կը վայելէ ակումբին ղեկավարութեան աջակցութիւնը: