Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 16 օգոստոսին մեկնարկը կը տրուի Հայաստանի աղջկանց բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ վեց խումբեր, Երեւանէն եւ Գիւմրիէն:
Ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի շրջանաձեւ համակարգով, վեց շրջանով: Ապա, վեց շրջաններու արդիւնքներուն լոյսին տակ, խումբերը մրցումները պիտի շարունակեն՝ փլէյ-օֆ-ի դրութեամբ:
Մասնակցող խումբերն են. Հատիս, Լեկենդ, Արցախ, Լես Ֆոքսես, Էրեբունի (Երեւան) եւ Գիւմրի (Գիւմրի):