-Այսօր՝ Լայփցիկ-Աթլեթիքօ Մատրիտ
Երէկ՝ չորեքշաբթի, Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին, իրարու դէմ ճակատեցան իտալական Աթալանթան եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնը:
Նախքան մանրամասնութիւնները, նշենք, որ մրցումները չեն կատարուիր երթուդարձի դրութեամբ, այլ մէկ մրցումով եւ յաղթականը կ’անցնի յաջորդ հանգրուան:
Աթալանթա, թէեւ երէկուան մրցումին մինչեւ 90-րդ վայրկեանը յաղթական էր 1-0 արդիւնքով, սակայն Սեն Ժերմէն 90-րդ եւ 93-րդ վայրկեաններուն նշանակեց երկու կոլ եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը՝ 2-1 արդիւնքով:
Մարքինիոս եւ Էրիք Մաքսիմ Շուփօ-Մոթինկ նշանակեցին ֆրանսական կազմին կոլերը, իսկ Մարիօ Փասալիչ՝ Աթալանթայի կոլը:
Այսպիսով, Սեն Ժերմէն, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը, իր դէմ պիտի ունենայ Լայփցիկ-Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին յաղթականը: Քառորդ աւարտականի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):