Ուրարտու ֆութպոլի ակումբը երէկ յայտնեց ըսելով, որ Նարեկ Պետրոսեան հեռացաւ եւ լքեց իր կազմը, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզելով իր աշխատանքային պայմանագրութիւնը:
Պետրոսեան, որ Ուրարտուի սան է, 2015-2016 տարեշրջանին, իր կազմին հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր:
Ան, իր կազմին հետ ընդամէնը կատարեց 93 մրցում, տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին:
Ուրատու յաջողութիւն մաղթեց 24 տարեկան ֆութպոլիստին՝ իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով, միեւնոյն ժամանակ ալ անոր շնորհակալութիւն յայտնելով ակումբին հետ իր ունեցած ելոյթներուն եւ նուիրուածութեան համար: