Այսօր՝ չորեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին՝ Աթալանթա եւ Փարիզ Սեն Ժերմէն:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երեք մրցումներուն, յաջորդող երեք օրերուն ընթացքին, իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ մէկ մրցում, դարձեալ միեւնոյն ժամուն:
Մնացեալ մրցումները յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Լայփցիկ- Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ եւ Մանչեսթըր Սիթի- լիոն:
Նշենք, որ յաղթական խումբերը, ուղղակիօրէն պիտի ապահովեն կիսաւարտականին իրենց տոմսերը, նկատի ունենալով որ պիտի կատարուի միայն մէկ մրցում եւ երթուդարձի դրութիւն չկայ: